2015-10-14 10:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը ի սպաս` ''թշուառութեան մերժումի համաշխարհային օրուան''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբերի առաւօտեան, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիկսոս Պապ  կոչ մը ուղղեց հաւատացեալներու  անոնցմէ խնդրելով մասնակցին ''թշուառութեան մերժումի համաշխարհային օրուայ ձեռնարկին''։

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ''Յառաջիկայ շաբաթ 17 հոկտեմբերին կը նշուի ''թշուառութեան մերժումի համաշխարհային օրը''։

Այս օրը կ՛ուզէ  բազմապատկել ջանքերը ՝ ծայրածիր աղքատութիւնը  եւ խտրականութիւնը ջնջելու համար եւ ապահովելու որ իւրաքանչիւր անձ կարենայ իր հիմնական իրաւունքները գործադրել։

Բոլորս հրաւիրուած ենք  սեփականացնելու այս դիտաւորութիւնը որպէսզի Քրիստոսի Սէրը հասանելի եւ զօրաւիք ըլլայ լքուած  ու յետին աղքատութեան մէջ գտնուող  մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.